Մահափորձ է տեղի ունեցել ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ և նախագահի թեկնածու Դոնալդ Թրամփի դեմ՝ Փենսիլվանիայի Բաթլեր քաղաքում նրա նախընտրական հանրահավաքի ժամանակ։ Թրամփի ականջն է վիրվորվել։ Երկու մարդ սպանվել է, այդ թվում՝ կրակողը՝ Փենսիլվանիայի 20-ամյա բնակիչ Թոմաս Մեթյու Քրուքսը։ Ըստ ԶԼՄ-ների, ոճրագործին գնդակահարել է Գաղտնի ծառայության դիպուկահարը։               
 

Առանց Հայաստանի Սփիւռքը դատապարտուած է մահուան

Առանց Հայաստանի Սփիւռքը դատապարտուած է մահուան
03.07.2023 | 11:16

Նոր համակարգ, որուն առանցքը միմիայն Հայաստանի պետական շահերն են։

Լուսանկարը Հալէպէն։ Ժամանակը՝ 30-ականներու սկիզբ, ուր Ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած հայ որբուկները կամաց-կամաց սկսան «ուշքի գալ»։ Արհեստ սորվեցան, հաց ճարել իմացան ու դանդաղ բայց ինքնավստահ քայլեր առնելով կառուցեցին իրենց համայնքն ու տունը։

Սփիւռքի արգանդի գոյացումն է ... Եւ ի հարկէ այսօրուան շէնշող սփիւռքը իր հազարաւոր շէներով, իր հարստութեամբ, իր դղեակներով, եկեղեցիներով եւ ամէնինչով կը պարտի այս ձեռքերուն։

Սփիւռքը շատ մեծ դրամագլուխ է, չպէտք է մսխենք այդ դրամագլուխը ու նաեւ հեռու պահենք մեր ներքին տարակարծութիւնները այդ գաղութներէն։

Դէմ կրնաս ըլլալ, կրնաս դժգոհիլ, ընդդիմանալ, բայց սփիւռքի միասնութիւնը հարուածելով տեղ մը չես կրնար հասնիլ։

Ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Սփիւռքն իր կարգին գերագոյն արժէք է, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ առանց Հայաստանի Հանրապետութիւն-պետութիւն ամուր գոյակցութեան Սփիւռքը դանդաղ կամ արագ քայլերով պիտի մեռնի։

Մանաւանդ մեր ժամանակներուն ինքնանպատակ Սփիւռք մը պահելու դրոյթները սպառած են եւ փորձն ալ ցոյց կուտայ, որ յատակպէս վերջին պատերազմի աղէտալի հետեւանքներուն պատճառով Սփիւռքի մէջ ուծացումը, օտարացումը, օտարումը շատ աւելի արագ կշռոյթով կ՚ընթանան։

Ըսածս պորթկումի մը, ջղայնութեան մը, բողոքի մը հետ կապ չունի ... ոչ ալ կապ ունի այդ բողոքը, ջղայնութիւնը կամ պոռթկումը քաղաքական միաւորի վերածելու անչափ տխուր եւ բոլոր առումներով մերժելի մօտեցումներուն։

Ի վերջոյ պէտք է կերտել այնպիսի համակարգ մը, որուն մէջ ներքին պայքարները արտաքին ճակատ, կամ արտաքին ոչ բարենպաստ տեսակէտները ներքին լսարանին «ծախելու» դրոյթները ըլլան բացառելի ու բացառուած։

Ըսած ահաւոր բարդ բան է, բայց անկարելի չէ։

Այլ ճանապարհ չունինք։

Սագօ ԱՐԵԱՆ

Դիտվել է՝ 3514

Մեկնաբանություններ